Որոնում`
 
Օրացույց
 
Հայտարարություններ Սփյուռք
23.02.2012

«Մերտինեան» վարժարանի 30-ամեակի տօնակատարութիւնը
Շարլօթ եւ Էլիզ Մերտինեան Հայ աւետարանական վարժարանը 30 տարեկան է արդէն: Պատմական այս հանգրուանի սեմին՝ «Մերտինեան»ի «մեծ ընտանիք»-ի իւրաքանչիւր անհատի հոգին լեցուն է անսահման խնդութեամբ:
Վարժարանի մարգարտեայ տարեդարձը տօնելու համար  խնամակալութիւնը կազմակերպած է ճաշկերոյթ մը՝ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով, որ տեղի պիտի ունենայ մարտ 3-ին, կ.ե. ժամը 5:30-էն սկսեալ, «Արարատ տան» «Տէօքմէճեան» սրահին մէջ:

Ձեռնարկի ընթացքին յատկապէս պիտի մատնանշուին վարժարանին ձեռք բերած ու երեք տասնամեակներու վրայ երկարող բազմաթիւ յաջողութիւնները եւ անոր ձգած դրական ազդեցութիւնը՝ իր հարիւրաւոր շրջանաւարտներուն վրայ:

Երեկոյի գլխաւոր պատգամախօսն է յայտնի իրաւաբան, Նիւ Եորք քաղաքի թմրեցուցիչներու յատուկ բաժինի դատախազ Փիթըր Ղուկասեանը։ Գեղարուեստական յայտագիրին մէջ ելոյթ պիտի ունենան «Լարք» երաժշտանոցէն արուեստագէտներ:
«Մերտինեան» վարժարանը միակ Հայ աւետարանական կրթօճախն է Միացեալ Նահանգներու տարածքին: Այնտեղ՝ նախամանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգի 8-րդ կարգի աշակերտները կը ստանան բարձրորակ ուսում, քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութիւն, ինչպէս նաեւ բարոյական կրթութիւն։ 

Այս յիշատակելի հանգրուանը լաւագոյն կերպով տօնելու համար  խնամակալութիւնը կը հրաւիրէ «Մերտինեան»-ի բոլոր բարեկամներն ու շրջանաւարտները ներկայ գտնուելու վերոյիշեալ ձեռնարկին:

 (Թղթակցութիւնը
վարժարանէն)

Asbarez.com

|

 
 
ԲՈԼՈՐ ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐԸ
© «Հայերն այսօր» էլեկտրոնային պարբերական
ՀՀ Սփյուռքի նախարարություն
Պատրաստված է ZOOM GRAPHICS -ում
© «Հայերն այսօր» էլեկտրոնային պարբերական
ՀՀ, Ք Երեւան, 0010, Հանրապետության 62, բն. 98
Հեռ.` 54-22-49